top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

«Ոչ» Բառն Ու Մանուկը

  • Անահիտ Արթինեան Ժամկոչեան
  • Sep 2, 2015
  • 4 min read

«Ոչ» Բառն Ու Մանուկը

Ծնողք ըլլալու թիւ մէկ դժուարութիւնը՝ զաւակներուն կարենալ «ոչ» ըսելն իսկ ամենէն վտանգաւորը՝ «ոչ» ըսելէ յետոյ տեղի տալն է: Շուկան յաճախ կը տեսնենք մայերեր եւ զաւակներ իրարու հետ պայքարի մէջ: Մանուկը բան մը տեսած է եւ կ'ուզէ որ մայրը զայն իրեն համար գնէ, իսկ մայրը այլեւայլլ պատճաառներով՝ գնել կը մերժէ: Մանուկը կու լայ, կ'աղաչէ, կը բարկանայ եւ ի վերջոյ կը սպառ

նայ: Մայրը պէտք է արագ որոշումի գայ. կա՛մ խայտառակ ըլլալ հանրութեան առջեւ՝ բայց զաւակին առջեւ զօրաւոր կենալ, կա՛մ ալ խայտառակութենէ փրկուելու համար՝ տեղի տալ եւ արտօնել որ մանուկը յաղթական դուրս գայ:

Ծնողքին կողմէ թուլատուութիւնը՝ (indulgence) տարածուած համաճարակ մըն է, որուն ախտանշաններն են՝ սպասելու անկարողութիւնը, անհամբերութիւնը, անձնակեդրոնութիւնը եւ անսահման սպառողականութիւնը: Ծնողքի մը պարտականութիւնը այս օրերուն՝ ա՛լ աւելի դժուար է, որովհետեւ լսատեսողական եւ ծանուցումային հաստատութիւններ մեծապէս կ'ազդեն մեր վրայ: Անոնք կը ջանան մեզ համոզել թէ մեր զաւակները պէտք է ամէն բան ունենան եւ թէ ամէն բան պէտք է արագ, դիւրին եւ հաճելի ըլլայ: Նոյն ժամանակ, այս հաստատութիւնները մեր զաւակները սիրաշահելու մեծ ջանքեր կը թափեն: Ընկերութիւններ տարեկան աւելի քան 14,4 միլիոն տոլար կը տրամադրեն մանուկներու յատուկ առարկաներ գովազդելու (advertise): Մանուկներ ապրանքներու մակնիշներուն (brands) գիտակից կը դառնան երեք տարեկանէն սկսեալ: Իսկ հինգ տարեկանէն սկսեալ, արդէն որոշ տեսակի ապրանքներ կը պահանջեն: Մանուկներ կ'ազդեն իրենց ծնողներուն որոշումներուն վրայ: Իբր արդիւնք՝ ընկերութիւններու տարեկան շահը 290 միլիառ տոլարի կը հասնի: Միջին հաշուով՝ ամերիկացի մանուկ մը տարեկան 10,000 ճաշի ծանուցում կը դիտէ հեռատեսիլի վրայ: Մանուկ մը որ օրական չորս ժամ կ'անցնէ հեռատեսիլի առջեւ, կը դիտէ տարեկան 40,000 ծանուցումներ:

Ինչո՞ւ «ոչ» ըսել մանուկներուն

________________________________

Ինչո՞ւ «ո՛չ» ըսել զաւակին, մանաւանդ եթէ ծնողք մը տնտեսապէս ի վիճակի է այո՛ ըսելու: Մանուկները պէտք եղած հասունութիւնը չունին շիտակ որոշումներ առնելու, լաւը վատէն եւ կարեւորը անկարեւորէն զանազանելու: Մանուկը՝ ինչ որ տեսնէ, կ'ուզէ ունենալ: Ծնողքը պէտք է ուղղէ, դաստիարակէ եւ սորվեցնէ կեանքի այս կարեւոր դասը: Մանուկներուն պանաջածներուն մեծ մասը իրենց օգտակար չէ, տարիքին յարմար չէ, արդէն նմանը ունի, ժամանակը եւ գինը յարմար չեն ընտանեկան պիւտճէին: Երբեմն մանուկին ուզածը կրնայ մի միայն 500 Լ. Ո. Արժողութեամբ տուրմ մը ըլլայ, բայց եթէ տուեալները յարմար չեն, օրինակ յարմար ժամուն, այսինքն ճաշէն ետք չէ, պէտք է կարենալ մերժել: Մանուկը որքան կանուխ իմանայ թէ չի կրնար իր ամէն ուզածը իր ուզած ատեն ունենալ՝ այնքան հեզասահ պիտի ըլլայ անոր անցքը մանկութենէն դէպի խելահաս երիտասարդութիւն:

«Ոչ» ըսելը՝ ո՛չ միայն դիւրին կամ հաճելի չէ, այլ նաեւ կը պահանջէ աշխատանք: Ներկայինս, ծնողները շատ աւելի զբաղ են քան նախապէս եւ յաճախ յանցաւոր կը զգան եթէ զաւակներուն հետ բաւարար ժամանակ չեն անցըներ: Հետեւաբար ծնողներ երբ զաւակներուն հետ ըլլան , կ'ուզեն որ անոնք ուրախ ըլլան եւ այդ պահերը դրական փորձառութիւններ դառնան: Այդ պատճառով՝ անոնք կ'ընեն այն ինչ որ զաւակը պիտի ուրախացնէ, ուստի կը խուսափին «ոչ» ըսեքէն: Ծնողքը տեղի տալով, մանուկը երկվայրկեանային պիտի հրճուի, սակայն ծնողքին ուրախութիւնը կարճ պիտի տեւէ. մանուկը պիտի «սորվի» թէ լալով կրնայ ուզածին տիրանալ եւ հետզհետէ աւելի յաճախ եւ աւելի սուղ արժող բաներ պիտի սկսի պահանջել: Ծնողքը չ'ուզեր միշտ ընդդիմանալ, ան շատ անգամ «այո» կ'ըսէ, հակառակ անոր որ գիտէ թէ «ոչ» պէտք էր ըսել: Ծնողքը որքան շուտ պատրաստ ըլլայ պարտադրելու իրենց կամքը, ա՛լ աւելի քիչ պէտք պիտի ունենան «ոչ» ըսելու: Մանուկները ասիկա շուտ կ'ըմբռնեն: Ասիկա ի միտի ունենանք թէ «ոչ» բառը լսելը՝ նկարագիր կը կերտէ: Հարկ է սորվիլ մանուկներուն «ոչ» ըսել:

Ուսումնասիրութեան մը ընթացքին՝ հոգեբաններ, աւելի քան 1000 անձեր հարցաքննելէ ետք, յայտնաբերած են թէ մանկութեան ատեն «շփացուած» անհատներէն ոչ ոք ուրախ է ներկայիս, հակառակ անոր որ շատ լաւ գիտեն թէ իրենց ծնողքը լաւ դիտաւորութեամբ թոյլատու վարուած են իրենց հետ, բայց եւ այնպէս՝ կը նեղանան որ իրենք չեն գիտեր կեանքի հիմնական դասերը, օրինակ՝ առանձին որոշումներ առնել, ինքնազսպութիւն, տնտեսագիտութիւն, տնային գործերու կիրարկում, զաւակ մեծցնել, եւայլն:

Ինչո՞ւ պէտք է «ոչ» ըսել.

_______________________

Հոգեբաններ եւ դաստիարակներ եզրափակած են թէ ծնողներուն թոյլատու գտնուելո, մանուկներուն ուզածը միշտ տալով, ուզածնին ընել արտօնելով, անոնց նկարագրի կերտման ընթացքը կը տնտնայ եւ տկար կը մնայ: Ինքնազսպումը (self-dicipline) ամէնէն կարեւոր տուեալն է, որ պիտի օգնէ երեխաներուն յաջողելու իրենց կեանքերնուն մէջ: Մեր զաւակներուն տեղ՝ ամէն բան մե՛նք ընելու փոխարէն, պէքտ է քաջալերենք որ իրենք իրենց գործերը անձամբ ընեն: Բերանացի գոասանքը չի բաւեր. Հարկ է անոնք փորձառութիւն ձեռք ձգեն:

Յուսախաբութիւնն ալ ինքնավստահութիւն (self-esteem) կը կերտէ: Եթէ շատ պաշտպանենք մեր զաւակները, անոնք առիթը պիտի չունենան յուսախաբութիւն դիմագրաւել սորիլ: Իրենց առիթը տրուելով, անոնք անձամբ պիտի մտածեն իրենց հարցերուն մասին եւ տարբեր լուծումներ գտնեն, նորութիւններ փորձելու պիտի վարժուին: Անոնք նաեւ պիտի սորվին համբերութիւն եւ վճռականութիւն: Հետեւաբար մեր զաւակներուն օգնութեան շատ չփութանք անհաշիւ: Զուր տեղ թոյլատու գտնուիլն ալ տեսակ մը «անհոգութիւն» է մեր զաւակներուն նկատմամբ: Այս վարուելակերպը զանոնք կը զրկէ կեանքի անհրաժեշտ գիտելիքներ սորվելէն կամ իրենց պէտքերէն անդին կարենալ մտածելէն:

«Ոչ» կարենալ ըսելու կարեւորութիւնը

_______________________________________

Մանուկկ մը կանուխ տարիքէն պէտք է սորվի թէ բան մը ուզել՝ չի՛ նշանակեր որ ուզածը անպայման պիտի ունենայ: Եթէ միշտ ուզածը կատարենք , սկիզբը մանուկը կ'ուրախանայ, սակայն հազիւ սկսի շրջանակներու մէջ գործօն դառնալ, ան իտի սկսի յուսախաբ դառնալ եւ բարդութիւններ իր մօտ պիտի զարգանան: Դպրոցը, խաղի ժամանակ, ընկերներու հետ, ապագային գործի ասպարէզի մէջ շատ առիթներով՝ ան պիտի մերժուի եւ ստիպուի սպասել եւ համբերել: Անոնք կեանքի դասեր են, որոնք որքան շուտ սորվի՝ այդքան լաւ կ'ըլլայ:

Վերջերս, ուսումնասիրութիւն մը յայտնաբերած է թէ 1-3 տարեկան մանուկները երբ օրական ժամ մը հեռատեսիլ կը դըտեն, անոնց մօտ 7 տարեկանին՝ 10% տոկոսով կը բարձրանայ կեդրոնացումային հարցերու վտանքը: Նաեւ յայտնաբերուած է թէ 3 տարեկան մանուկներուն 7% հեռատեսիլ երբեք չեն դիտեր, 44% 1-2 ժամ, 27% 3-4 ժամ, 11% 5-6 ժամ, իսկ 10% օրական 7 ժամ եւ աւելի:

Խորհուրդներ խուսափելու համար գեր-թուլատուութենէ (verindulgence)

_______________________________________________________________________

  1. Սահմանաբակել զաւակներուն հեռատեսիլ դիտելու ժամերը:

  2. Սորվեցնել զաւակներուն տնային պարտականութիւններ ստանձնել, ինչպէս խաղալէ ետք՝ խաղալիքները հաւաքել, գիրք կարդալէ ետք՝ զայն ետ գրադարան վեռադարձնել, ճաշէն ետք՝ իւրաքանչիւրը որ պնակեղէնը լուացարանին մէջ դնել, եւայլն:

  3. Բացատրել զաւակներուն դրամի մասին:

  4. Դաստիարակել զաւակները ծանուցումներու շողոքորթային համոզումներու մասին:

  5. Սորեցնել զանազանել «ուզելը» «պէտք ունենալ» էն:

  6. Բարի օրինակ հանդիսանալ զաւակներուն, մեր խօսքերն ու վարուելակերպը նոյնը պահելով:

  7. Նպատակ դարձնել օրական մէկ անգամ ընտանեօք միասին ճաշել:

  8. Սահմանափակել fast-food կերակուրներու սպառումը: «Ոչ»դ «ոչ» թող ըլլայ.


Եթէ մանուկներ մեր «ոչ»ը չընդունելով՝ դժգոհելու եւ լալու սկսին եւ մենք տեղի տանք , այն ատեն ամէն անգամ որ «ոչ» ըսէք, նոյն վարուելակերպը պիտի կրկնեն: Մանուկներ թող սորվին թէ մի քանի կաթիլ արցունք թափելով՝ ուզածնին պիտի չըլլայ: Հաստատ կենանք մեր որոշումներուն եւ դրած օրէնքներուն:

Անահիտ Արթինեան Ժամկոչեան


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page