top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Վարդան Մամիկոնեանի Ճառը

  • Վարդան Մամիկոնեան
  • Sep 1, 2015
  • 1 min read

ՎԱՐԴԱՆԻ ՃԱՌԸ


Բազմաթիւ պատերազմներու մէջ մտած եմ ես, դուք ալ ինծի հետ: Աւելի յաղթած ենք, եւ քիչ անգամ ալ պարտուած: Այդ բոլորը մարմնաւոր պարծանքներ էին սակայն: Ով որ փախչէր՝ վատանուն կը սեպուէր եւ անողորմաբար կը սպաննուէր: Իսկ ով որ կտրճութեամբ առաջ նետուէր՝ քաջի անուն կը ժառանգէր եւ մեծամեծ պարգեւներ կ'ընդունէր երկրաւոր Թագաւորէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրն ալ իր մարմնին վրայ կը կրէ բազմաթիւ վէրքեր ու սպիներ, եւ ցոյց տուած է քաջագործութիւններ՝ որոնց համար վարձատրուած ալ է: Այս քաջագործութիւնները ես կը համարեմ անօգուտ, եւ պարծանքները՝ ոչինչ:

Չվախնաք թշնամի բանակին ստուարութենէն, ոչ ալ թիկունք դարձնենք մահկանացուին սուրին: Եթէ Տէրը մեզ շնորհէ յաղթութիւն՝ մենք կը խորտակենք անոր զօրութիւնը, եւ կը բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը: Իսկ եթէ հասած է ժամանակը մեր կեանքի վախճանին պատերազմի սուրբ մահով՝ ուրախ սրտով ընդունինք զայն. միայն թէ մեր քաջութեան հետ վատութիւն չխառնենք:

Ան, որ կը կարծէր, թէ զգեստի մը նման հագած ենք մենք քրիստոնէութիւնը՝ հիմակ ահա անկարող է փոփոխել զայն, ինչպէս գոյնը մարմնէն երբեք ալ պիտի չկարենայ՝ մինչեւ յաւիտեան: Մեր կրօնքին հիմը հաստատուած է անշարժ վէմի վրայ, ոչ այստեղ՝ երկրի վրայ, այլ այնտեղ՝ երկինքին մէջ:

Եկած է ժամանակը, որ մեր արատաւորուած անունը սրբենք:

Երկիւղը նշան է թերահաւատութեան: Մենք վաղուց հեռացուցինք մեր մէջէն թերահաւատութիւնը: Անոր հետ երկիւղն ալ պէտք է փախչի մեր մտքերէն ու խորհուրդներէն:



 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page