Սիրոյ Մասին (Եզնիկ Կողբացի - Խրատներ)
- Եզնիկ Կողբացի
- Sep 1, 2015
- 1 min read
ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻԻ ԽՐԱՏՆԵՐԸ
ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

Ան, որ կը սիրէ բարեպաշտը, սիրոյ արձան կը կանգնեցնէ Աստուծոյ [համար] եւ անհաշտ թշնամութիւն [կ'արտայայտէ] սատանային նկատմամբ:
Դուն քեզի համար բնաւորութիւն դարձուր սէրն ու երկիւղը, որպէսզի խաբէութեամբ չտանջուիս:
Հնազանդէ՝ սիրով, աղօթէ՝ յոյսով, աշխատէ՝ հաւատքով, եւ [այդպիսով] կը պայծարանաս երկնային հարսանիքին մէջ:
Մի՛ սիրեր ուտելիքներու եւ ըմպելիքներու յագուրդը, այլապէս մարմինդ կը դարձնես պոռնկութեան քաղաք եւ սատանայի ամրոց:
Խոնարհութեամբ, սիրով, յոյսով հնազանդիլը եւ գիտակցաբար չարչարուիլը կատարելութիւն է:
Եթէ քեզ սիրեն, գոհացի՛ր Աստուծմէ, իսկ եթէ չսիրեն, մի՛ տրտնջար, եւ ուրիշներն ալ մի՛ տրտմեցներ, այլ դուն քեզ նեղէ քիչ մը լռութեամբ, որովհետեւ ան որ կը պատերազմի, համբերութեան կարիքը պէտք է զգայ:
Տգէ՛տ եւ անշրջահայեաց առաջնորդը՝ բուժելու ատեն կը խոցէ, ուղղելու ատեն կը խորտակէ, սիրոյ ատեն ատելութիւն կը սերմանէ:
コメント