Կովու Պաշտամունքը Հնդկաստանի Մէջ
- Hrayr Daghlian
- Sep 1, 2015
- 2 min read
Կովու Պաշտամունքը
Աներեւակաելի չափերու հասած է Հնդկաստանի մէջ
________________________________________________
«Կով սպանողները դժոխքին մէջ պիտի փտին
այնքան տարիներ, որքան որ մազ
կայ սպանուած կովուն վրայ»
Հնդիկներու Սուրբ Գիրքէն
Տարիներ առաջ համաժողորդական յուզում կը տիրէր Հնդկաստանի մէջ: Պատահածը «աղէտ» կոչեցին հնդկական թերթերը: Յուզման եւ գրգռութեան պատճառն այն էր, որ Փունճապ նահանգի իշխանութեանց կողմէ պահուող հանգստարանի մը մէջ 200 կովեր մերած էին, անբաւարար սնունդի եւ պաղառութեան հետեւանքով:
Սարսափելի մանրասանութիւններ տուին հնդիկ ծայրակեղ աջակողմեան Ճանա Սանղ կուսակցութեան երկու երեսփոխանները, երեսփոխանական ժողովին մէջ: Հազարէ աւելի կովեր լեցուած էին Մաթթեւարա, հանգստարան կոչուող խարխուլ ախոռներո
ւ ցեխին ու թրիքին մէջ եւ անոնց մէկ մասե փլելով, խեղդած- սպաննած էր կովերը եւ աւելին անգղերն ու շնագայլերը թափած էին դիակներու վրայ:
Նահանգային իշխանութիւնները, իրար անցած, անասուններու սպասարկութեան տնօրէնը՝ Շանտիղարէն օդանաւով ղրկեցին աղէտին վայրը, որպէսզի գոնէ 100 կով փոխադրէ մօտակայ մէկ այլ կովերու հանգստարանը:
Թէեւ հնդկական երկրագործական նախարարութիւնը կը գանգատի, որ կովու պաշտամունքը կը քամէ երկրին եկամուտներուն մէկ մասը, միլիոնաւոր Հնդիկներ, այսուհանդերձ, կը կրկնեն տակաւին դարերով ըսուած ու կրկնուած խօսքը.- «Կովը մեր մայրն է»:
Հնդկաստանը, Աշխարհին մէջ ամենէն շատ կով ունեցող երկիրն է: Իր ունեցած 202 միլիոն կովերը (մէկ չորորդը Աշխարհին բոլոր կովերուն եւ քառապատիկ՝ Ամերիկայի ունեցածին) ամէնօրեայ սնունդ կ'ուզեն, երկրին 400 միլիոն բնակիչներուն հետ:
Եւ որորվհետեւ հաւատացեալ Հնդիկները կը մերժեն մորթել ծերացած կովերը, անոնցմէ հազարաւորներ կը թափառին գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ իրենց ուզած արտն ու պարտեզը մտնելու եւ փոր կշտացներու բացարձակ իրաւունքով: Կալկաթայի մէջ սպատաւոր պրահմանական հսկայ ցուլեր մինչեւ այսօր ալ վեհափառօրէն կը ճեմեն փողոցներու մէջ եւ կը խանգարէն երթեւեկը, մանաւանդ երբ կը կենան եւ կը սկսին ուտել բանջարավաճառի մը խանութին առջեւը շարուած բանջարեղէնները:
Կարք մը փոքր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ալ հաւատացեալ գիւղացիներ կ'երթան կովերու ետեւեն եւ համբերութեամբ կը սպասեն, որ միզէ անոնցմէ մէկը եւ իրենք ալ ամանի մը մէջ լեցնելով... խմեն այդ մէզը: Այս գիւղացիները ջերմեռանդ օրէն հաւատացած են, որ հոգին եւ մարմինը սրբացնող միջոցներէն ամենէն ազդուն կովուն մէջը խմելն է:
Հնդիկ գործի մարդիկը շատ աւելի խնամքո կը պահպանեն ծերացած կովերու բնակարան-ախոռները, քան թէ ծեր ու անկար մարդոց յատուկ ծերանոցները:
Կան անշուշտ առաջադէմ հնդիկներ ալ, որոնք կով մորթելը արգիլուող աւանդութեան դէմ միշտ ձեւ մը կը գտնեն այդ արգելքը վերցներու համար: Մորթելը սակայն բացարձակապէս արգիլուած է ութ նահանգներու մէջ՛ իսկ ուրիշ նահանգներու մէջ ալ արտօնուած է մորթել միայն ծերացած կովերը:
Երկու հարիւր կովերու մահէն ետք, կալկաթայի գերագոյն Դատական Խորհուրդը իր մէկ որոշումով պատճառաբանեց, որ անտրամաբանական է 25 տարեկան կովեր չմորթելու արգելքը եւ թելադրեց տարիքի սահմանը իջեցնել 15-ի: Տէլհիցի պաշտօնատարի մը հաշիւով, Հնդկաստանի ծեր կովերուն 100-ին 10-ը, որոնք անպէտ են երկրի տնտեսութեան համար եւ միայն հանգստարան-ախոռներու մնայուն բնակիչները կրնան ըլլալ եւ լափեն երկրին 300 միլիոն արտավար տարածութեամբ մշակուած արտերու 40 միլիոնին բերքը:
Հնդկական երեսփոխանական ժողովի կուսակցական խմբակցութեան մը մէկ ղեկաւարն ալ ըսած է.- «Ուրիշ երկիրներու մէջ մարդիկ կովը կ'ուտեն, իսկ մեր մէջ կովը կ'ուտեն մարդիկը»: Այս խօսքը սակայն ըսած է ան ոչ թէ հրապարակով, այլ մտերմական շրջանակի մէջ, անշուշտ գրգռութեանց դուռ չբանալու մտահոգութեամբ:
Իսկ վարչապետ Նէհրու կոչ ընելով ժողովուրդին որպէսզի արատօրէն մասնակցի կովերու յատուկ նոր հանգստարաններու կառուցան հանգանակութեանց, յայտարարած է իր կարգին.- «Արեւմուտքը կովը չի՛ պաշտեր, բայց հոգ կը տանի անոր. մինչդեռ մենք կը պաշտենք, բայց պէտք եղած հոգը չենք տանիր»:
Comentários