![]() |
---|
![]() |
![]() |
![]() |
![]() |
![]() |
![]() |
![]() |
![]() |
![]() |
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
(1924-1971)
Պ. Սեւակ՝ բուն անունով Պարոյր Ղազարեան, ծնած է 24 Յունուար 1924ին Արարատի մարզի Չանախչի (այժմ՝ Զանգակատուն) գիւղին մէջ: Պ. Սեւակ եղած է ընտանիքին երկրորդ զաւակը, սակայն եղբայրը փոքր տարիքէն մահացած է ու Սեւակ դարձած տան միակ երախան: Փոքր տարիքէն անոր մէջ երեւցած է ուշիմութիւնն ու խելացիութիւնը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի դպրոցին մէջ: Պատանեկութեան յատուկ սէր ունեցած է գիրքերու հանդէպ եւ 11 տարեկանին սկսած է իր բանաստեղծական առաջին փորձերը:
Պ. Սեւակ 1940ին աւարտելով դպրոցը ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական հիմնարկը, դառնալով Համալսարանի լաւագոյն ուսանողը: Իր առաջին գրութիւնները սկսած են լոյս տեսնել «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրին մէջ, Պարոյր Սեւակ ստորագրութեամբ: Աւարտելէ ետք Երեւանի Պետական Համալասարանը ընդունուած է Մոսկուայի Մ. Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1955ին: Մնալով Մ. Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկը՝ չորս տարի հոն դասախօսած է: 1963-1971 տարիներուն աշխատած է Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկէն ներս, որպէս աւագ գիտաշխատող: 1966ին եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան վարչութեան քարտուղար: 1970ին ստացած է Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտորի գիտական կոչումը, Սայեաթ Նովայի մասին պատրաստած իր թէզը ներկայացնելով: Իր լաւագոյն գործերն են «Անմահները Հրամայում են», 1948, «Եղիցի Լոյս», 1969, «Մարդը Ափի մէջ», 1963, «Սիրոյ Ճանապարհ», 1953 եւ այլ բազմաթիւ գործեր:
Պարոյր Սեւակ մահացած է Ինքնաշարժի արկածէ, իր տուն դարձի ճամբու ընթացքին, 1971ին: Թաղուած է Հայրենի գիւղին մէջ: