![]() |
---|
![]() |
![]() |
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ
1851- 1872
Ծնած է 1851-ին Սկիւտար, Պոլսոյ Ասիական ափը, աղքատ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը երկաթագործ էր, բուն անունով Զմապայեան: Պետրոս հայերէնի թարգմանելովª «Դուրեան»ի կը վերածէ այդ անունը: Ուսումը կը ստանայ Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ, ուր ուսուցիչ կ'ունենայ Յակոբ Պարոնեանը: Շատ կանուխէն իր մէջ կ'արթննայ գրականութեան սէրը, եւ ահա 13 տարեկանին կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնը: Ան խանդավառ էր մանաւանդ թատրոնով, որ այդ շրջանին գրաւած էր հայոց սրտերը:
1868-ին, ճեմարանը աւարտելէ ետք, իր աղքատ ծնողաց օգնելու համար, աշխատիլ կը սկսի նախ սեղանաւորի մը, ապա վաճառականի մը մօտ, իբր գրագիր: Սակայն կարճ ժամանակ ետք կը ստիպուի ձգել այդ պաշտօնները, ինքզինք նուիրելով գրական եւ բեմական աշխատանքներու: Պետրոս Դուրեան դժուարին պայմաններու տակ իր ժամանակէն եւ առողջութենէն շատ բան զոհած էª թատերախաղեր գրելու համար, որպէսզի նիւթական որոշ հասոյթ կարենայ ձեռք բերել եւ օգնել իր չքաւոր ընտանիքին: Դուրեան կը մեռնի 1872 Յունուար 21-ի գիշերը, թոքախտէ, 20 տարեկանին: Ժողովուրը կ'ուզէ ազգային մեծ թաղում կատարել: Երիտասարդները կը դիմեն օրուան Պատրիարք Խրիմեան Հայրիկին, որպէսզի հրաման տայ նուագախումբով թաղելու հէք Դուրեանը: Մեծապէս յուզուածª Խրիմեան Հայրիկը կ'ըսէ.«Հրաման չեմ տար, բայց կը ներեմ»: Այնուհետեւ, չորս հազար երիտասարդներ կը հետեւին դագաղին: Դուրեան կը թաղուի Սկիւտարի գերեզմանատունը: Ան բնաւորութեամբ եղած է զուարթ, կատակաբան, շրթունքին վրայ քաղցր խօսք մը կամ երգ մը կրելով միշտ: Բարի եւ համեստª ինչպէս նաեւ սիրուած բոլորէն եւ շնորհիւ իր քաղցր ձայնինª փնտռուած երգիչը եղած է թաղի եկեղեցիին, բայց թոքախտի ազդեցութեան տակ հետզհետէ դարձած է յոռետես եւ հակամէտ յուսահատութեան:
Դուրեանի գրածները կրնանք բաժնել երեք մասերու.-
Ա) Թատերախաղեր.- Վարդ եւ Շուշան, Սեւ հողեր, Արտաշէս Ա. Աշխարհակալ եւ այլն…:
Բ) Բանաստեղծութիւններ.- Որոնք թիւով 40 են:
Գ) Նամակներ.- Թիւով 15 հատ:
Դուրեան ունէր նաեւ կիսատ մնացած ինքնակենսագրական վէպ մըª «Ոսփորի Գիշերներ» խորագրով, որ կորսուած է: